Խանութի մը դրան վրայ ցուցատախտակ մը կախուած էր, որուն վրայ գրուած էր՝ «Ծախու Շնիկներ»: Տղեկ մը մօտեցաւ խանութին տիրոջ եւ հարցուց թէ քանի՞ է շնիկին գինը:
-30-էն 40-ի միջեւ պատասխանեց խանութպանը: Տղեկը ձեռքը գրպանը տարաւ ու դուրս բերաւ ինչ որ կար այդտեղ:
-Մօտս 2 տոլար եւ 37 սէնթ ունիմ,- ըսաւ,- հաճիս, կրնա՞մ նայիլ անոնց: Մարդը ժպտեցաւ ու սուլեց, եւ ահա, ներսէն դուրս վազեցին հինգ շնիկներ, որոնցմէ վերջինը կաղալով կը յառաջանար. տղեկը անմիջապէս մատնացոյց ըրաւ կաղացող շնիկն ու ըսաւ՝- ես այդ շնիկը կ՛ուզեմ գնել: Խանութպանը զարմացաւ տղեկին ընտրութեան վրայ ու ըսաւ՝ — գնելու պէտք չունիս, ես զայն քեզի ձրի կու տամ:
Տղեկը անհանգստացաւ, շեշտակիօրէն մարդուն աչքերուն նայելով ըսաւ՝-Չեմ ուզեր որ զայն ինծի ձրի տաս, այս շնիկը իրաւունք ունի միւսներուն նման իր արժէգինը ունենալ, ինչո՞ւ անարժէք պիտի ըլլայ. ես կ՛ուզեմ լման վճարել. ես հիմա քովս ունեցածը կու տամ եւ կը խոստանամ ամէն շաղաթ 50 սէնթ բերել, մինչեւ պարտքս վերջանայ:
-Տղաս, ան երբեք պիտի չկարենայ վազել, ցատքել, խաղալ քեզի հետ, ինչո՞ւ անպայման զայն կ՛ուզես: Տղեկը ծռեցաւ, տաբատին վարի մասը վեր բարձրացուց ու ցոյց տուաւ իր Խեղուած ոտքը, որ մետաղեայ ձողերով բռնուած էր ու նայելով խանութպանին մեղմ ձայնով ըսաւ՝- ես ալ լաւ չեմ կրնար վազել ու ցատքել, այս շնիկը պէտք ունի մէկուն, որ իր վիճակէն լաւ կը հասկնայ…
* * *
Երբեմն մենք ալ որոշ մարմնական թերութիւններ ունեցող մարդոց, տարբեր աչքով կը նայինք, ճի՞շդ կ՛ընենք: Տղեկը լաւ դաս մը տուաւ:
Յակոբ Միքայէլեան
(Բնագիրը՝ «Բաց պատուհան» գիրքիս մէջ)