Կ’ողջունեմ ձեզ Աւետարանչականի Հոգաբարձութեան, Նախագահի եւ աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անունով: Կ’ողջունեմ ձեզ բարերար Էտուարտ եւ Փամելա Աւետիսեաններու անունով, կ’ողջունեմ ձեզ բարերար Պիլեզիքեան Հիմանդրամի անունով, հաստատելով բոլորին անկոտրում յանձնառութիւնը սատարելու այս Մեսրոպաշունջ հաստատութեան: Գնահատանքի խօսք ունիմ վարժարանի տնօրինութեան, ուսոցչական կազմի, դաստիարակներու եւ ծնողներու իրենց հաւաքական հոգածութեան համար մեր աննման ուսանող սերունդին:
Հետեւելով Պոլսոյ Կեդրոնականցիներու, Եսայանցիներու կամ Թիֆլիսի Ներսեսեանցիներու, կ’ողջունեմ ձեզ Սիրելի Աւետիսեանցիներ մաղթելով որ վերոյիշեալ վարժարաններու յուռթի, բարձրորակ եւ լուսաւոր շրջանաւարտներու փաղանքին նման լուսոյ ճանապարհ մը ձգէք ձեր ետին:
Բառին բովանդակ առումով աննախընթաց եւ դժուար տարի մը կը ձգենք ետին որու ճանապարհին մեր հաւաքական մորմոքը միայն խթան մը ըլլալու է նորանոր ոստումներու, նուաճումներու, յաղթանակներու եւ վերելքի:
Հայրենիքը ծառաւը ունի նոր մտքի, թարմ գաղափարներու, փայլուն սխրանքներու եւ աննախընթաց ստեղծագործութեան:
Հեռու մնացէք մեզ շրջապատող օթեկ մտայնութիւններէ, նիւթապաշտութիւնէ եւ փառասիրութիւնէ: Զրահաւորուեցէք բարձրորակ գիտութեամբ եւանարատ քրիստոնէական բարոյականութեամբ:
Ծանր է գուցէ բեռը բայց եւ քաղձր է անոր վարձատրութիւնը:
Դուք հայրենիքի փայլուն ապագայի յոյսն էք: Դուք հայրենիքի ապագայ առաջնորդներն էք:
Յաջողութիւն ձեզի եւ Աստուած օրհնէ ձեր ճանապարհը:
Այսօր ինծի համար պատիւ եւ առանձնաշնորհում է ձեզի ներկայացնել 2020-21 տարուայ շրջանաւարտներու ուղղուած հիւր պատգամաբեր Դոկտոր Յասմիկ Պարանը:
Ողջունենք Դոկտ. Յասմիկ Պարանը:
Զաւէն Խանճեան
Մայիս 28, 2021