Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ. յատկապէս աւագ դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներ:

Ես ծնած ու մեծցած եմ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ծնողքս ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուածներ եղած են եւ ակամայ կայք հաստատած են Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ:

Ես եւ իմ սերնդակիցներս, Կիլիկիան կորսնցնելէ ետք, եւ հեռու ըլլալով հանդերձ Հայրենի հողէն, ապրած ենք անդադար Հայաստան երազելով, Հայրենի հողին, հայրենի բնութեան, Հայաստանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կարօտը մեր սրտերուն մէջ եւ միշտ աղօթելով, որ օր մը անպայման մեր երազը կ՛իրականանայ եւ մենք ալ կը դառնանք Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացիներ:

Իմ երազս իրականացաւ, ես ու իմ ընտանիքս արդէն Հայաստանցի ենք: Դուք չէք կրնար զգալ թէ ինչ կը նշանակէ օտար երկիրներ ապրելէ ետք, վերջապէս հայրենի հողին վրայ կայք հաստատել: Ես երջանիկ եմ, երջանիկ են նաեւ իմ աղջիկներս եւ թոռներս: Սակայն այս օրերուն մեր Հայրենիքին մէկ կարեւոր մասը՝ մեր աննման Արցախը պատերազմի մէջ է, լինել-չլինելու պայքարի մէջ է: Թող չկրկնուի 1915-ը, այլեւս ո՛չ եղեռն, ո՛չ տեղահանութիւն, ո՛չ ալ բռնագաղթ: Մենք մեր պապենական հողին տէրն ենք եւ պիտի պայքարինք ոսոխներուն դէմ, որ չպղծուի մեր սուրբ հողը:

Այս ձեր պարմանի տարիքէն իսկ պէտք է գիտակցիք, որ այս հողին վաղուան տէրերը դուք էք, այս օրուընէ իսկ պիտի երդուիք ամէն գնով պաշտպանել այս սուրբ հողը, ոչ միայն զէնքով, այլեւ գիտութեամբ, արուեստներով, գրականութեամբ, յանձնառու քաղաքացիներ ըլլալով:

Փառք ու պատիւ Արցախի մեր պայքարող զինուորներուն: Յաւերժ խոնարհում նահատակներու յիշատակին առջեւ:

Ողբամ մեռելոց

Բեկանեմ շանթեր

Կոչեմ ապրողաց:

Յակոբ Միքայէլեան

1 Հոկտեմբեր 2020