Հկտ 12, 2020 | Հայ մեծեր
«Հոկտեմբերի երկրորդ կիրակին, թարգմանչաց տօնն է, մեր ամենանուիրական խորհրդանիշներէն մէկը, որուն շատ բան կը պարտինք մեր՝ իբրեւ ինքնուրոյն ազգի գոյատեւման մէջ: Ուրեմն պատշաճ է, որ տարին գոնէ մէկ օր խոնարհինք մեր թարգմանիչներու յիշատակին առջեւ:»
Այսպէս կ՛ըսէ լիբանանահայ լեզուաբան բժ. Արմենակ Եղիայեան, իր յօդուածին մէջ, նուիրուած Թարգմանչաց տօնին: Արդարեւ յաճախ կը մոռնանք յիշատակելու մեր թարմանիչներու տօնը եւ երբեմն ալ կը յիշատակենք, առանց անոր խորը թափանցելու, պարզապէս աւանդոյթ մը շարունակելով:
Յարգարժա՛ն կրթական մշակներ, սիրելի՛ աշակերտներ, անհրաժեշտ է իմանալ կարեւորութիւնը մեր թարգմանիչներուն հրաշալի աշխատանքին, որոնք հայացուցին մեր եկեղեցիներուն մէջ օգտագործուած օտար՝ յունարէն, կամ ասորերէն արարողութիւններն ու ծէսերը՝ գիրերու գիւտէն ետք, հայացնելով Աստուածաշունչը, այնքան գեղեցկօրէն, որուն համար օտարները «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչեցին:
Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ ստեղծուած հայերէն տառերը 405 թոէականին, ընդհանուրը 36 տառեր էին, որոնք սակայն սպարազինուած բանակի մը նման պաշտպանեցին մեզ ձուլումի դէմ, պաշտպանելով մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր մշակոյթը: Այսօր, գիրերու գիւտէն աւելի քան 1600 տարիներ ետք, եթէ մենք հայերէն կը խօսինք ու կը գրենք, պատիւը կ՛երթայ մեր երկու սուրբերուն, ապա մեր թարգմանիչներուն՝ Եզնիկ Կողբացիին, Կորիւն Երանելիին եւ իրենց ընկերներուն, որոնք օտարալեզու գրական գոհարները թարգմանելով, հսկայ հարստութիւն մը մեզի ժառանգեցին, որուն արժէքը ըմբռնելու է հայ իւրաքանչիւր աշակերտ եւ ուսանող, որպէսզի այս գանձը ի վիճակի ըլլան, իրենց կարգին, փոխանցելու իրենցմէ ետք գալիք սերունդներուն:
Յաւէտ Փառք մեր Թարգմանիչներուն:
Յ. Մ.
Հկտ 5, 2020 | Ուղերձ
Տարին մեկ անգամ մենք խորին երախտագիտությամբ, խոնարհումով ու ոգեշնչմամբ նշում ենք Ուսուցչի տոնը, որը մեր ժողովրդի համար ամենասիրված տոներից մեկն է, մեծարելու ձեզ և ասելու այն բոլոր խոսքերը, որ, իմ կարծիքով, ամեն օր պիտի ասվեն: (ավելին …)
Հկտ 2, 2020 | Հայ մեծեր
1903 – 1941
Արձակագիր, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ:
Ծնած է Թէքիրտաղ, Թրքահայաստան, 1903-ին եւ անժամանակօրէն մահացած Փարիզի մէջ 1941-ին: Սփիւռքահայ գրականութեան ընդհանրապէս, եւ ֆրանսահայ գրականութեան մասնաւորապէս, ռահվիրաներէն է, Շահան Շահնուրի հետ միասին:
Նախնական կրթութիւնը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, համալսարանական ուսումը կը ստանայ Փարիզի համալսարանին մէջ: 1919-ին մէկ տարիով կ՛այցելէ Հայաստան, Առաջին հանրապետութեան օրերուն:
Եղած է գործունեայ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Աշխատած է գործարաններու մէջ որպէս բանուոր:
1931-ին ՄԵՆՔ գրական հանդէսի խմբագրութեան կ՛աշխատակցի ֆրանսահայ գրողներ Նիկողոս Սարաֆեանի, Բիւզանդ Թօփալեանի, Զարեհ Որբունիի եւ Շաւարշ Նարդունիի հետ: Խմբագրած է նաեւ ՄԱՐՏԿՈՑ հանդէսը:
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի Խմբագրած ԴՐՕՇԱԿ, ՀՅԴ կուսակցութեան օրկանի խմբագրական կազմին մէջ ալ եղած է:
Թէեւ շատ շուտ հեռացաւ այս աշխարհէն՝ ընդամէնը 38 տարիներ ապրած, ան ալ թշուառութեան մէջ, սակայն բաւական մեծ գրական ժառանգ ձգած է. գիրքեր, որոնք պատանիներն ու երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդան մինչեւ այսօր: Յիշենք իր գիրքերէն Փունջ մը.
Երկիր Յիշատակաց, Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը, Ամրան Գիշերներ, Ճերմակ Վարսենիկ, Մթին պատմութիւն, Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ, Բանաստեղծն ու Կինը, Ներքին Դաշտանկար եւ այլն:
Հկտ 2, 2020 | Ուղերձ
Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ. յատկապէս աւագ դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներ: (ավելին …)
Սպտ 2, 2020 | Հայ մեծեր
Յակոբ Օշական (1883-1948)
Սփիւռքահայ մեծանուն գրող, քննադատ, թատերագիր, ուսուցիչ, մանկավարժ: Բուն անունով Յակոբ Քիւֆէճեան, ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Պուրսա քաղաքին մէջ: Ուսումը առած է Արմաշի դպրեվանքին մէջ:
Խմբագրած է «Մեհեան» եւ «Բարձրավանք» հանդէսները: Պատրաստած է «Հայ Գրականութիւն» դասագիրքը: Դասաւանդած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ:
Իր գրականութիւնը շատ մատչելի չէ սովորական ընթերցողին, քանի իր ոճը բաւական բարդ է: Հայ գրականութեան մէջ կը նկատուի գրաքննադատութեան եզակի դէմքերէն մին:
Իր գործերէն յիշենք
«Խոնարհները» 1920
«Խորհուրդներու մեհեանը» 1922
«Երբ պատանի են» 1925
«Մնացորդացը» 1932-34
«Երեք թատերախաղեր» 1990 (Յետ մահու)
Իսկ իր «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» 10 հատորները կը նկատուին կոթողային աշխատանքներ, որոնք մինչեւ այսօր որպէս աղբիւր եւ դասագիրք կը ծառայեն սփիւռքի հայերէնի ուսուցիչներուն:
Ընտանիքով կը բնակէին Երուսաղէմի մէջ, սակայն 1948-ի Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմին պատճառաւ ինք կու գայ Հալէպ եւ կը մնայ իր համաերկրացի բարեկամներու տան մէջ: Իր ներկայութենէն օգտուելով կը ծրագրուի իր 65-ամեայ յոբելեանը տօնել, սակայն անակնկալ սրտի կաթուած մը վերջ կու տայ իր կեանքին:
Յակոբ Օշականի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ: Ամէն տարի, ուսուցիչներու տօնին, Հայկական վարժարաններէն աշակերտական խումբեր կ՛այցելեն անոր շիրիմին եւ ծաղկեպսակ կը զետեղեն գերեզմանին:
Իր որդին ալ՝ Վահէ Օշական, Սփիւռքահայ հանրածանօթ գրող է:
Օգս 3, 2020 | Հայ մեծեր
(1878-1945)
Հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն մին, որուն շնորհուած է «Բանաստեղծութեան Իշխան» տիտղոսը, նաեւ ճանչցուած է որպէս «Հնչեակի (Սոնէթ) վարպետ»:
Ծնած է Պոլիս 1878-ին: Ուսանած է Պոլսոյ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: 1896-ի Համիտեան ջարդերէն (Որուն զոհ գացին 300 հազար անմեղ հայեր) ետք, շատերու նման կը լքէ Պոլիսը եւ կ՛անցնի Եւրոպա, ապա կը հաստատուի Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր կ՛ունենայ նշանակալի գրական-հրապարագրական գործունէութիւն:
Սուլթան Ապտուլ Համիտի անկումէն եւ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք 1908-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, սակայն 1914-ին կը լքէ զայն դարձեալ ու կը վերադառնայ Գահիրէ, այդ ձեւով կը փրկուելով 1915-ի ջարդերէն:
Կը հիմնէ «Շիրակ» պարբերաթերթը: Իր խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթը, իսկ «Արեւ»ը կը շարունակէ խմբագրել մինչեւ իր մահը: Իր գործերէն են՝ Հոգեր, Հրաշալի Յարութիւն, Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս, Սէր, Հայերգութիւն, Տաղարան եւ այլք:
Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը գրական գոհար մըն է: Իր բանաստեղծութիւնները փիլիսոփայական միտքերու շտեմարան մըն են: Մակերեսային ընթերցումը բաւարար չէ լրիւ ըմբոշխնելու համար իր բանաստեղծութեանց նեկտարը, պէտք է ընթերցողը փորձէ թափանցել եւ հասկնալ անոր տողատակ ըսուած միտքերը:
Թէքէեան վախճանեցաւ եւ թաղուեցաւ Գահիրէի հայոց գերեզմանատունը 1945-ին:
Երկու նմոյշ իր բանաստեղծութիւններէն.
«Եկեղեցին Հայկական, մէն մի քարին տակ գետնի,
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի:
Եկեղեցին Հայկական, Հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահանդերձն է փայլուն,
Մինչ իր խաչերն են դաշոյն եւ զանգակներն են բոմբիւն
Եւ երգն է մի՛շտ յաղթութիւն»: («Եկեղեցին Հայկական»)
«Թող սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ
Եւ իյնան վար պատնէշներն զրահապատ եսութեանց,
Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնուի ամէն գանձ,
Թող պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ,
Բայց չկոտրեն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ոչ մէկ ծաղիկ»: («Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ»)
Յ.Մ.