Կօշիկի Պատմութիւն

Կօշիկի Պատմութիւն

Դպրոցական յուշեր

Դպրոցը, Ապրիլ 24-ի առթիւ աշակերտական թատերախումբովս կոկիկ յայտագիր մը պատրաստած էի՝ ասմունքով, թատերական պատկերով, խօսքով ու երաժշտութեամբ: Վերջին փորձը աւարտեցինք ու յաջորդ օրուան ելոյթին համար աշակերտներէն խնդրեցի որ սեւ տաբատով ու սեւ կօշիկներով ըլլան բեմին վրայ: Տղաքը միաբերան «չունենք» ըսին. «չունի՞ք, ինչպէ՞ս թէ չունիք». «Պարոն, մենք միայն ճինզ ենք հագնւմ եւ բոթաս, կաշիէ կօշիկ չունենք»: Իսկապէս ներկայ սերունդը ճինզի ու մարզական կօշիկներու սերունդ է Nike, Adidas, Reebok, Puma…: Ու մտքով վերադարձայ մանկութեանս: (ավելին …)

Եղբայրը

Եղբայրը

Փօլ անունով երիտասարդ մը նոր ինքնաշարժ մը ստացաւ իր եղբօրմէն որպէս նուէր Ս. Ծննդեան առթիւ: Երեկոյան երբ դուրս եկաւ, նկատեց որ սեւամորթ տղեկ մը շողշողուն մեքենային շուրջ կը դառնար հիացած: (ավելին …)

Կարեւորը երգողն է, ոչ թէ երգը

Կարեւորը երգողն է, ոչ թէ երգը

ԿԵԱՆՔԻ ԴԱՍԵՐ

Ամերիկեան քաղաքի մը աղքատ թաղամասերէն մէկուն մէջ, երկրորդական վարժարանի մը նորանշանակ տնօրէնը, երբ դպրոցի հին արխիւները աչքէ կ՛անցնէ, կը նկատէ որ 25 տարի առաջ, ուսուցիչ մը վիճակագրութիւն պատրաստած է դպրոցի 200 աշակերտներուն մասին, որոնց անուններուն դիմաց գրեթէ նոյնանման եզրակացութիւն մը գրուած է՝ «Կարելի չէ որ ապագային տեղ մը հասնի, յոյս չկայ:» (ավելին …)

Արագիլները

Արագիլները

Հարաւ գաղթող արագիլները, երբ V ձեւով երամ կազմած կը չուեն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը երբ իր թեւերը կը թափահարէ, անմիջապէս իր ետեւէն թռչողին վեր բարձրանալը կը դիւրացնէ իր ստեղծած օդի պարապութեամբ, այնպէս որ, այսպիսի երամով թռչիլը կ՛արագացնէ անոնց երթը եւ անոնք նուազագոյն 71% աւելի հեռու կրնան թռչիլ, քան իւրաքանչիւրը առանձին: Երբ արագիլ մը դուրս գայ երամէն, կը զգայ որ դանդաղեցաւ, անմիջապէս կը վերադառնայ ու կը միանայ երամին: (ավելին …)

Ուրախութիւն Անանձնական

Ուրախութիւն Անանձնական

Հանրակառքին մէջ ծերունի մը նստած էր՛ ձեռքին մէջ ծաղկեփունջ մը: Հանդիպակաց կողմը դեռատի աղջիկ մը նստած տեղէն անդադար ծաղկեփունջին կը նայէր: Ծեր մարդուն աչքերէն չէին վրիպած պարմանուհիին նայուածքները: (ավելին …)

Քարտէսը

Քարտէսը

Հայրը նստած, ձեռքի թերթին վրայի աշխարհի քարտէսին կը նայի, որուն վրայ կարմիրով նշուած են այն վայրերը, ուր պատերազմներ, կռիւներ, յարձակումներ, սպաննութիւններ, առեւանգումներ, բռնարարքներ, բռնաբառութիւններ եւ նման աղէտներ տեղի կ՛ունենան: Քարտէսը լեցուն է այդ կարմիր նշաններով: Մարդը ջղայնացած կը պատռտէ թերթն ու գետին կը նետէ: (ավելին …)