Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական Ընկերակցության գործադիր տնօրեն` պ-ն Զավեն Խանջյան:

Աստուածաշունջի այս խօսքերով ‘Օշականի  ամենասուրբ  գերեզման’ի  ‘վսեմական  վարդապետ’ը Աստուծոյ խօսքին թագուհի թարգմանութեան անդրանիկ պարբերութիւնը արարեց,  հայոց ազգին իր նուիրած յաւերժութեան երաշխիք՝ սրբազան հայ տառերով:

1600 տարիներ առաջ ‘Օշականի անկորուստ կրօնական’ի կատարած գիւտին եւ անոր անմիջական իմաստաւորման ոգեկոչման ամիսն է Հոկտեմբերը:  Եւ այսօր, ի՞նչ կարելի է աւելի պատշաճ, արժանաւոր,  յարմար,  նուիրական եւ իմաստուն երախտագիտական արտայայտութիւն մը ըլլալ փոխադարձելու ‘գիւտին փառք’ի անմահական նուէրը ազգին, եթէ ոչ Աւետիսեաններու եւ Պիլեզիքեաններու երազի իրականացման այս կենդանի՝ մտքի եւ դպրութեան փարոս հանդիսացող՝ նորակառոյց, արդիական, փառաւոր վարժարանը:

Արդարեւ, ոչ մէկ ծախս զլացուած, ոչ մէկ երեւակայութիւն անտեսուած, ամենաարդիական սարգաւորումներով կեանքի կոչուած, մտքի եւ հանճարի շտեմարան մը ըլլալու կոչուած այս կենդանի կառոյցը՝ նուէրն է Աւետիսեան ամոլին,  ի յիշատակ իրենց  ծնողաց՝ Խորեն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու,  Պիլեզիքեան ամոլին   եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան՝ զետեղուած հայ ժողովուրդի գիտութեան, լոյսի եւ յաւերժացման բագինին վրայ:

Այս գործակցութիւնը բնական ընտրութիւն մըն էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանչականին համար նկատի ունենալով Հայ Աւետարանական համայնքի մօտ 168 տարիներու եւ Աւետարանչականի 96 տարիներու ուսման,  կրթութեան եւ զարգացման մարզերու մէջ ունեցած առաջնահերթ ջահակիր դերը եւ պատուական ժառանգութիւնը:

Անմահն Սիամանթօ կը շարունակէ երկնել ‘գիւտին փառք’ը

«Օշականի անհուն մեռեալ

Դուն բիւրաւոր ճիւղերով

 Ոսկեհոս գետ գիտութեան

Մտքի փրկիչ, յոյսի հսկայ, կեանքի կեդրոն

Դուն անվախճան փոշիացեալ

Դուն ջահերու անմարելի շտեմարան

Ուրկէց ուղեղս, մանկութեան օրերուն

Ես, աղքատօրէն եկայ վառել….»

Այսօր, այս նուիրական կենդանի կառոյցին պաշտօնական նաւակատիքով՝ Աւետիսեան, Պիլեզիքեան փաղանքը եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան սրտաքին մաղթանք է որ մայր հայրենիքի սրբազան հողին վրայ կեանքի կոչուած այս հրաշալի մանուկները հետեւելով անմահացած նահատակ բանաստեղծի օրինակին, իրենց մանկական ուղեղներու կայծը քաղեն Աւետիսեան Վարժարանի եւ Պիլեզիքեան Նախակրթարանի ‘անմարելի ջահերու շտեմարան’էն:

‘Օշականի հանճարանիստ հողակոյտ’էն  փոքր տարածութեան մը վրայ հաստատուած նորակառոյց այս կաճառը գուցէ մէկ հանճարի մը իրակնացած երազն եղած ըլլայ: Սակայն այսօր՝ մեկնած այս օրուայ մեր դիմաց փռուած այս գեղեցիկ երեւոյթէն եւ թափ տալով դէպ ապագայ երկարող մեր երեւակայութեան, կը հաւաստիացնեմ ձեզի,  թէ այդ մէկ երազի իրականացումը ծնունդ պիտի տայ բիւրաւոր սերունդներու երազներու իրականացման որոնք մեր ազգի, ժողովուրդի եւ հայրենիքի ապագայ արժանաւոր առաջնորդները կոչուած են ըլլալ:

Մշակոյթի ամիս է Հոկտեմբերը եւ ի պատիւ Աւետիսեաններու, Պիլեզիքեաններու եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան , Սիամանթօի հետ կրկնելով եւ մեր խօսքը ուղղելով ‘ Օշականի անկորուստ կրօնաւոր’ին ճակատաբաց կը բացականչենք

«Եւ լսէ՛ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի

Շուշան — մարմին մանուկներէն՝

Մինչեւ ծերերն հողաբոյր

Քու Սուրբ անունդ կ’օրհներգեն:»

Փառք ու պատիւ՝ բոլորին:

Փառք Աստուծոյ:

Մտածողին, յղացողին, ճարտարապետին, ճարտարագետին, շինարարին,  աշխատաւորին, արհեստաւորին,  բարերարին, ուսուցիչին, աշակերտին, հովիւին եւ աւետարանիչին:

Վարձքերնիդ կատար:

Զաւէն Խանճեան

Գործադիր Տնօրէն

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութիւն

Հոկտեմբեր 8, 2014